2010-08-24 11:05:03

Արամ Ա Կաթողիկոսի Հանդիսապետութեամբ` Պատարագ Եւ Քարոզ Մուսա Լերան Հերոսներու Յիշատակին-Լիբանան։


Կիրակի, 22 օգոստոս 2010-ի առաւօտուն, Այնճարի Ս Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ Կիպրոսի հայոց թեմի առաջնորդ Վարուժան արք Հերկելեան պատարագ մատուցեց՝ հանդիսապետութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսին։ Հաւատացեալներուն ուղղած իր քարոզին մէջ Արամ Ա կաթողիկոս լուսարձակի տակ առաւ քրիստոնէութեան հիմքը հանդիսացող այն սկզբունքը, թէ գնայունը պէտք է յստակօրէն զատորոշել մնայունէն եւ կառչիլ միայն վերջինին։ Ան յայտնեց, որ Քրիստոս աշխարհ եկաւ մարդը ազատագրելու իր մեղքերէն, մաքրելու զայն, վերջ դնելու մարդու թագաւորութեան ու հաստատելու երկնային թագաւորութիւնը, ուր արժէքները նիւթեղէն չեն, այլ՝ բարոյական, հոգեւոր, յաւերժական։

Ով որ ինծի կը հաւատայ, թող խաչը առնէ եւ ետեւէս գայ, այս նախադասութեան մէջ ամփոփուած է Քրիստոսի առաքելութիւնը, դիտել տուաւ Արամ Ա կաթողիկոս՝ շեշտելով, որ պէտք է հետեւիլ Քրիստոսի ու ամէն բանէ առաջնահերթ նկատել քրիստոնէական էութեան մէջ մարմնաւորուած երեք հիմնական կէտերը՝ հաւատալ, սիրել եւ յուսալ։ Ասոնք կարեւոր են, որպէսզի անձնականէն դուրս կարելի ըլլայ գալ, նուիրուիլ եւ նայիլ դէպի ապագայ։ Այս երեք կէտերով առաջնորդուելով պէտք է ապրիլ, որպէսզի կարելի ըլլայ նուաճել յաւիտենական կեանքը։

Արամ Ա կաթողիկոսը դիտել տուաւ, որ քրիստոնէութիւնը նոյնացաւ մեր ժողովուրդին, հայրենիքին ու սկզբունքներուն հետ՝ դառնալով մէկ ու անքակտելի ամբողջութիւն։ Ան կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն եւ համայն հայութեան, ո՛ւր ալ գտնուին՝ տէր կանգնելու հոգեւոր եւ ազգային այնպիսի արժէքներու, որոնք մնայուն են, նուիրական, կու գան հայոց պատմութենէն եւ քրիստոնէական ակունքներէն։

Իր քարոզի աւարտին Արամ Ա կաթողիկոս հաստատեց, որ եկեղեցին ու հայրենիքը, հաւատքն ու ազգը մէկ են, զիրար ամբողջացնող տարրեր են։ Ուստի պէտք է քալել Քրիստոսի բերած հոգեւոր ու բարոյական արժէքներուն ճամբով, որ մեր ժողովուրդին հզօրութեան ու անմահութեան ճամբան է։

Ապա Մուսա լերան հերոսամարտի յուշարձանին մօտ հոգեհանգիստ կատարուեցաւ Մուսա լերան հերոսներու յիշատակին, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.